November 24, 2016

Զօր. Անդրանիկ կը խօսի

Ֆրանսիայի Ազգային Gallica թվային առցանց գրադարանում գտա զորավար Անդրանիկի Փարիզում 1921 թ. տպված խոսքը, որի 37-39 էջերը ներկայացնում եմ Ձեզ:
Տեսեք թե որքան նման է Անդրանիկի նկարագրած դաշնակցական Հայաստանը մերօրյա ՀՀԿ-ական Հայաստանին:
Ամբողջ նյութը կարող եք կարդալ այստեղ:



Ես հեռացայ Հանրապետութենէն, որպէսզի մասնակից չլինիմ այն բոլոր անպատուաբեր, անմիտ, սնանկ եւ ազգակործան գործունէութեան, որուն նուիրուեցան հանրապետութեան վարիչները առաջին օրէն:

Իւրաքանչիւր զինւորականի քով դաշնակցական լրտես մը դրուեցաւ:

Խորհրդարան մը կազմուեցաւ զուտ դաշնակցականներէ, որոնց մեջ կային քանի մը ընկերուհիներ ալ:

Ներքին պայքար մղուեցաւ միւս հայ կուսակցութեանց դէմ երկրին մէջ թե երկրէն դուրս: Իսկ հայ պօլշեւիքներուն դէմ յայտարարեցին եղբայրասպան կռիւ:

Պատերազմ ըրին Վրաստանի դէմ երեք հոգիի որոշումով եւ Հայաստան մատնուեցաւ սովի:


Շքախումբեր կը ղրկուէին Տրապիզոն եւ Կ.Պօլիս, ոճրագործ Էնվէրներու եւ Թալէաթներու մօտ:

Թիֆլիսի մէջ երեք ամիս կը վիճէին թե մեր բանակը պէտք է կազմել տէմոքրատիկ 
սկզբունքներով. ինչ որ կը նշանակէր տիսիբլինը վերցնել:

Զինադադարէն ետք հանրապետութեան վարիչները ցոյց չտուին իմաստութեան ո'եւէ նշոյլ:

Պաշտօնատունները լեցուեցան դաշնակցական պաշտօնէութեամբ, որոնց թիւը կը հասնէր 16 հազարի: 
Ճակատ ղրկուեցան Դաշնակցութեան չպատկանող եւ հակառակորդ տարրեր միայն:

Պ.Խատիսէան Պաթումի դաշնագիրը ստորագրելէն ետք Թիֆլիսի մէջ կը յայտարարէր թէ թուրքերը զարգացած եւ ճէնթլմէն մարդիկ են եւ Թուրքիոյ հայերը չեն կրցած անոնց հետ վարուելակերպ ունենալ:

Երեւանի մէջ կը հագուեցնէին մեր սիրուն աղջիկները. որպէսզի կայարանի մէջ ծաղկեփունջերով դիմաւորեն Խալիլ եւ Նուրի փաշաները, որոնք հարիւր հազարաւոր հայուհիներ բռնաբարել եւ կոտորել տուած էին: Երեւանի մէջ զինւորական նուագախումբերով ճաշկերոյթներ կը տրուէր այս մարդոց:

Չկրցան հետեւիլ շրջահայեաց ներքին քաղաքականութեան մը եւ առաջ բերին ապստամբութիւններ թաթարական շրջաններու մէջ:
Մերժուեցան Ազգ.Պատուիրակութեան առաջարկները համաձայնութեան մասին:

Այս բոլորը արդիւնք էին մտայնութեան մը, որ չէր զանազանուեր Ռուսիոյ արդի վարիչներուն մտայնութենէն: Ես կը նախատեսէի թէ բոլոր այն աթոռները, զոր գրաւած էին Երեւանի ղեկավարները, խարխուլ էին, քանի Ռուսաստան իր վերջին խօսքը չէր ըսած:
Դժբախտաբար այսօր իրականութիուն մըն է, ինչ որ նախատեսած էի:

Այն մարդիկ որոնք կը հիանային թուրքերու ճէնթլմէնութեան վրայ, ստորագրեցին Աղէքսանդրապօլի դաշնագիրը, ցեխի մէջ թաթխելով այն ոսկէ գրիչը, որով ստորագրուած էր Սէվրի դաշնագիրը:

Անցեալ տարի երբ Ամերիկա կը գտնուէի, Գ.Փաստրմաճեան աղմուկ մը փրցուց, ըսելով թէ Պօղոս Նուպար Հայաստանի հարաւային մասը քիւրտերուն կը յանձնէ:
Սակայն չլսեցի տակաւին թէ ինչ կը խորհի միեւնոյն Փաստըրմաճեանը եւ ինչու շշուկ մը իսկ չի հաներ ամբողջ Թրքահայաստանը մեր թշնամիներուն ծախողներուն դէմ:

Հայկ.Հանրապետութիւնը վիժեցաւ, որովհետեւ շէնք մը շինելու համար լաւ ճարտարապետներ պէտք էին. մինչդէռ անոր ղեկավարները հիմը դրին օդին մէջ, փոխանակ հաստատուն գետնին վրայ դնելու:

Ուրիշին հոր փորողները իրենք մէջը ինկան:

Իմ խիղճս եւ հոգիս հանդարտ է այս բոլորին մէջ:

Մնացածը կը թողում անաչառ պատմագրին, որպէսզի երեւան հանէ բոլոր անոնք, որոնք պատճառ եղան այսքան անմեղ արիւններուն թափուելուն:



Անդրանիկ:
1921
Բարիզ:
Հրատարակութիւն "Ապագայ" շաբաթաթերթի